Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը գրած է.
«11 Մայիս 2023-ին Շուշի կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցած է Շուշիի նախկին կերպարուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպուած Հայտար Ալիեւին նուիրուած լուսանկարային ցուցահանդէսի բացումին։
Տեսանիւթին մէջ ակնյայտօրէն կ’երեւի, որ թանգարանի մուտքին մօտ տեղադրուած քանդակները այլեւս չկան, չկան նաեւ թանգարանի սրահներու մէջ ցուցադրուող ստեղծագործութիւնները։ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածոն կազմող բոլոր ստեղծագործութիւններու վիճակն ու վայրը կը մնան անյայտ։
Կրնանք փաստել նաեւ, որ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի բակին մէջ գտնուող ժամանակակից արուեստագէտներու քանդակներու պուրակը ամբողջութեամբ անհետացուած է, իսկ ստեղծագործութիւններուն ճակատագիրը նոյնպէս կը մնայ անյայտ։ Այդ մասին անդրադարձ եղած էր 15 Օգոստոս 2021_ին, Caucasus Heritage Watch-ի կողմէն հրապարակուած արբանեակային լուսանկարներուն շնորհիւ, որուն անդրադարձած էր «Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Մշտադիտարկում» ծրագիրի խումբը (Շուշիի կերպարուեստի թանգարանի «Քանդակներու Պուրակի» աւերումը)։
Ատրպէյճանի կողմէն տեղահանուած է Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի ողջ հաւաքածոն՝ ցուցասրահներէն եւ թանգարանի մերձակայքէն։ Թանգարանի ներքին բակին մէջ գտնուող կոթողային քանդակներուն պուրակը հիմնայատակ վերացած է եւ, մեկնելով տեսանիւթէն, մուտքի երկու կողմերը գտնուող երկու քանդակները նոյնպէս իրենց տեղը չեն։ Գեղարուեստական, մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող հարուստ հաւաքածոյի ներկայիս վիճակն ու վայրը կը մնան անյայտ եւ տագնապալի։
Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի աւերումը ատրպէյճանական վայրագութիւններու հերթական դրսևորումն է, որ Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային համաձայնութեան եւ հռչակագիրներու շարք մը դրոյթներու կոպիտ խախտում եւ ոտնահարում է։ Համաձայն «Զինուած Հակամարտութիւններու Ժամանակ Մշակութային Արժէքներու Պաշտպանութեան Մասին» 1954 թուականի Լա հէյի համաձայնութեան 4-րդ յօդուածին՝ արգիլուած է մշակութային ժառանգութեան հանդէպ վայրագութեան, գողութեան, կողոպուտի, իւրացման, թշնամանքի եւ հաշուեյարդարի որեւէ գործողութիւն։ Ըստ Լա հէյի 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան, արգիլուած է գրաւեալ տարածքներուն մէջ ոչնչացնել մշակութային կամ հոգեւոր արժէքները։ Լա հէյի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը կը վերահաստատէ այս պահանջը եւ այդպիսի արարքը՝ ըստ 15-րդ յօդուածին, կը սահմանէ որպէս միջազգային յանցագործութիւն։ Մշակութային արժէքներու ոչնչացման գործողութիւնները արգիլուած են նաեւ Ժընեւի 12 Օգոստոս 1945-ի պատերազմէն տուժածներու պաշտպանութեան, պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն մասին միջազգային չորս համաձայնութիւններուն եւ արձանագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերուն եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան պայմանագրերուն։