Շուշիի արուեստագիտական համալսարանի յատակագծային-արուեստագիտական տարրալուծարանին մէջ հիմնադրուած է մասնագիտական գրադարան ռատիոելեկտրոնային, թուային ելեկտրոնային եւ ելեկտրոարուեստագիտութեան մասնագէտներու համար:
Ըստ Artsakhpress.am-ի` տարրալուծարանի ղեկավար, ուժանիւթի ամպիոնի դասախօս Սամուէլ Բեկթաշեան ըսած է, որ գրադարանը ստեղծուած է իր անձնական, ռատիոելեկտրոնային ճարտարագէտ Գագիկ Գրիգորեանի նուիրաբերած 70 կտոր գիրքերու, հանրագիտարաններու, ձեռնարկներու, արդիւնաբերական եւ կենցաղային ելեկտրոնային գիրքերու հիման վրայ:
Ս. Բեկթաշեան նշած է, որ ռատիոելեկտրոնային, թուային ելեկտրոնային եւ ելեկտրոարուեստագիտութեան մասնագէտներու պատրաստման գործին մէջ գրականութեան պակասը լուրջ խնդիր էր. այժմ հարցը լուծուած է:
«Առանց հարուստ գրադարանի, Շուշիի արուեստագիտական համալսարանը չէր կրնար կազմակերպել ուժանիւթի ամպիոնի աշխատանքը: Մենք՝ բնագէտներս, այսօր մասնագիտական գրականութեան համաշխարհային խնդիր ունինք: Եւ, բնականաբար, դժուարութիւններ կ’առաջանային դասախօսներու համար, որովհետեւ աղբիւրներու, մասնագիտական գրականութեան պակաս կար: Կը կարծեմ, որ մասնագիտական գրադարանը պիտի դիւրացնէ մեր աշխատանքը»,- աւելցուցած է Ս. Բեկթաշեան: