Շուշին ջրամատակարարման նոր համակարգ պիտի ունենայ

Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատուերով Շուշիի արհեստագիտական համալսարանի ուսանողներուն կողմէ պատրաստուած է Շուշի քաղաքի ջրմաքրման կայանի եւ նոր ջրամբարներու կառուցման նախագիծը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի փրոֆէսոր, նախագիծի գլխաւոր ճարտարագէտ Պարգեւ Բալջեան ըսած է, որ Շուշիի ջրամաքրման կայանը շատոնց է՝ չ՛շօգտագուծուիր: Ինչպէս նաեւ 2 ջրաւազանները, որոնք կը գտնուին Շուշիի վերեւը, լեցուած են ցեխով եւ ջրաբերուկներով, որուն պատճառով ջուրին որակը իջած է եւ ջուրը պղտորած։

Ըստ նախագիծի գլխաւոր ճարտարագէտին` նախ հին ջրաւազաններուն փոխարէն պիտի կառուցուին նորերը` հաշուի առնելով քաղաքի յետագայ զարգացումը: Արդիւնքով պիտի լուծուի մօտ 10 000 բնակիչի ջուրով ապահովելու հարցը: Երկրորդ՝ պիտի վերականգնուի շահագործումէ դուրս եկած մաքրման կայանը, իսկ  նախկին աղբիւրներէն եկած ջուրի մաշուած խողովակները պիտի փոխուին: Հաշուի առնելով քաղաքի յետագայ զարգացումը` անհրաժեշտ է փնտռել նոր ջրաղբիւր, որմէ լրացուցիչ ջուր պիտի տարուի Շուշի։

Պալջեան նշած է, որ մօտ 1.5 տարուան մէջ կատարած աշխատանքներուն արդիւնքով այս բոլոր խնդիրներու լուծումը ներառուեցաւ նախագիծին մէջ: Ներկայիս արդէն իսկ ընթացքի մէջ են շինարարական աշխատանքները: Սկսած են երկու մեծ ջրաւազաններու եւ մաքրման կայանի վերականգնումը: Ծրագիրը կ՛իրականացուի Արցախի պետական ամավարկի ֆինանսաւորմամբ:

Ըստ անոր՝ աշխատանքները կը նախատեսուի մինչեւ տարեվերջ աւարտել: