Նոյեմբեր 24-ին, 87 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց անուանի դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեան:
Մեծանուն դերասանուհիի մահը մեծ կորուստ էր ոչ միայն Հայաստանեան արուեստասէրներուն համար, այլ նաեւ ողջ աշխարհասփիւռ հայութեան:
«Պատուով ու մեծ ներշնչանքով թէ՛ Հայրենիքում, թէ՛ Սփիւռքում տասնամեակներ շարունակ իրականացնելով լուսաւոր գործունէութիւն` նա վառ էր պահում հայ դասական մշակոյթի անմար կրակը», իր ցաւակցական խօսքին մէջ ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Տեսերիզը, որ կը ներկայացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, դերասանուհիին անցած ստեղծագործական ուղիի իւրայատուկ սեղմագիրն է, ուր անոր լաւագոյն դերերն էր, արդէն դասական դարձած կերպարները: