Հայաստանի նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանն անդրադարձած է Յունիսի 12-ին Բաղրամեան պողոտայի ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն։ «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նախագահը նշեց, որ ամէն ինչ պէտք է տեղի ունենայ իրաւական դաշտի մէջ, օրէնքի շրջանակներուն։
«Մենք ցոյցերու կազմակերպիչներուն շատ անգամներ զգուշացուցած ենք, որ զերծ մնան աւելորդ լարուածութենէն, իշխանութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ օրինազանցութիւն չընեն։ Բայց, ցաւօք սրտի, անոնց պահուածքն այլ էր, եւ ոստիկանները, ուժային կառոյցները ստիպուած էին ընել այն գործողութիւնը, որ պարտաւոր էին ընել»,- ըսաւ ՀՀ նախագահը։
Նախագահը վստահեցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնը հակուած չէ ոեւէ քաղաքացու համար խնդիրներ ստեղծել կամ ոեւէ մեկին ուժով կարգի հրաւիրել։ «Վստահ եղէք, որ ոչ ոք նման ցանկութիւն ունի։ Բայց իմ խնդրանքն է, որ անոնք ալ այդպիսի իրավիճակներ չստեղծեն ոստիկանութեան համար»,- աւելցուց նախագահ Խաչատուրեան։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ցանկան, որ երկրի մէջ բոլոր գործընթացները տեղի ունենան ժողովրդավարութեան շրջանակներուն մէջ։ «Ցաւօք, հաւաքի կազմակերպիչները այլ տրամաբանութեամբ կ’աշխատին։ Անոնց, երեւի, ինչ-որ ձեւով չի բաւարարէր, որ երկրի մէջ վիճակը խաղաղ է»,- ընդգծեց նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։