Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է 2017-ի գանձային տարուան թափանցիկութեան զեկոյցը (Fiscal Transparency Report):
Հայաստանը զեկոյցին մէջ ներառնուած է իբրեւ գանձային թափանցիկութեան նուազագոյն պահանջները բաւարարող երկիր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած զեկոյցին մէջ, իբրեւ նուազագոյն պահանջներ, ներկայացուած են պետական ամավարկի թղթաբանութիւնը եւ բնական պաշարներու արդիւնահանման մասին կառավարութեան պայմանագիրներն ու արտօնագիրները: Այսինքն, 2017-ի գանձային թափանցիկութեան ուսումնասիրութեան գործընթացը կը պահանջէ հասկնալ, թէ արդեօք նշուած կառավարութիւնները հրապարակայնօրէն ցոյց կու տա՞ն առանցքային ամավարկի փաստաթուղթերը: Գործընթացը նաեւ կ՛ենթադրէ յստակացնել, թէ կառավարութիւնը արդեօք ունի՞ անկախ գերագոյն հաշուեքննութեան կազմակերպութիւն, որ կը ստուգէ կառավարութեան տարեկան նիւթական հաշուետւութիւնները, եւ արդեօք այդ հաշուեքննութիւններու արդիւնքները հասանելի կը դառնա՞ն հանրութեան:
Զեկոյցին մէջ գնահատական կը տրուի նաեւ բնական պաշարներու արդիւնահանման համար տրամադրուող արտօնագիրներուն ու պայմանագիրներուն, եւ եթէ անոնք ամրագրուած են օրէնքով եւ գործնականօրէն կը կիրառուին:
Ի տարբերութիւն Հայաստանին՝ Ատրպէյճան ներառնուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք չեն ապահոված գանձային թափանցիկութեան նուազագոյն պահանջները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ արձանագրած է, որ այդ երկիրը գանձային թափանցիկութեան ապահովման հարցով որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրած: