Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Անա Օլիվերան, Ուրուկուէյի նախկին նախագահներ Խուլիօ Մարիա Սանկինեդդին եւ Լուիս Ալպերթօ Լագաժէ Էռեռան, 45 պատգամաւոր եւ 4 ծերակուտական Ատրպէյճանին կոչ ըրած են ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիներն ու պատանդները: Այս մասին կը յայտնէ Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, ուրուկուէյցի քաղաքական գործիչները յայտարարութիւն տարածած են այդ մասին։
«Կ’ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացը եւ կարեւոր կը համարենք յարգանքը երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական խնդիրներու լուծումը։ Այս ծիրէն ներս կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ամենամեայ հեղինակաւոր համաժողովը՝ COP29-ը հիւրընկալող երկրին, անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիներն ու պատանդները՝ ատով իսկ ամրապնդելով երկու կողմերուն միջեւ վստահութիւնը հաշտեցման այս պատմական պահուն։ Միաժամանակ, կ’ընդգծենք ուժի կիրառման անթուլատրելիութիւնը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն ու ատելութեան խօսքէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման չխոչընդոտելու համար».- նշուած է յայտարարութեան մէջ: