Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը լռեցուցած են հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները

Ղարաբաղա­-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ Նոյեմբեր 3-­ին եւ լոյս 4-­ի գիշերը հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 80 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ 60 ու 82 միլիմեթրանոց ականանետերէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1200 կրակոց:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են: