Պատմական Աննախընթաց Հանրահաւաք Բազմահարիւր Հազարաւոր Հայաստանցիներ Իրենց Զօրավիգը Յայտնեցին Նիկոլ Փաշինեանի Վարչապետական Գործելակերպին

Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.եան Կենդրոնէն՝
Հանրապետութեան Հրապարակի Հարիւր Հազարաւոր Ժողովուրդին
Խանդավառօրէն կապուած էր Գանատահայութեան
Ուշադիր Կորիզ մը
Հաւաքին ներկաներէն խումբ մը

Ուրբաթ օր Օգոստոս 17ին, Երեւանի տեղական ժամով յետ միջօրէի ժամը 5-էն սկսեալ հարիւր հազարաւոր երեւանցիներ ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններէն յատկապէս այս նպատակով Երեւան հասած քաղաքացիներ սկսած էին հաւաքուիլ Երեւանի Հանրապետութեան գլխաւոր հրապարակին վրայ, լսելու համար Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան 100-րդ օրուայ դարձակէտին՝ այս համահայկական հանրահաւաքը յատուկ նշանակութիւն կը զգենուր նկատի առնելով վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ կատարուող իրար յաջորդ քաղաքական լուրջ զարգացումները:

Բնականաբար այս մեծ իրադարձութիւնը ամբողջովին կը հեռասփռուէր Internet-ով Հայաստանէն դուրս նաեւ ամբողջ աշխարհին:

Սփիւռքահայեր ամէն տեղ պատրաստ էին իրենց համակարգիչներով հետեւելու այս պատմական հաւաքին, նոյն էր պարագան նաեւ Մոնթրէալահայութեան:

Սակայն Ռ.Ա.Կ.եան Էօժէն Բաբազեան ակումբին եւ Թ.Մ.Մ.եան վարչութեանց գովելի նախաձեռնութեամբ այս առիթով կազմակերպուած էր հաւաք մը Թ.Մ.Մ.ի կեդրոնին մէջ, առիթը տալու համար հետաքրքիր եւ յատկապէս ուշադիր Մոնթրէալահայերու քով-քովի գալով համատեղ հետեւելու եւ բաժնեկից ըլլալու Հայաստանի ժողովուրդին ապրումներուն:

Երեւանի հանրահաւաքը պաշտօնապէս սկսաւ մեր ժամով ճիշդ 11-ին (Երեւանի ժամով 19.00ին) հարիւր հազարաւոր հայեր ծովածաւալ բազմութեամբ մը լեցուցած էին Հանրապետութեան հրապարակը: Նիկոլ Փաշինեան շրջապատուած իր կառավարութեան մաս կազմող անձնաւորութիւններով որոտընդոստ ծափահարութիւններու մէջ խօսք առաւ եւ իրեն յատուկ հաղորդականութեամբ եւ պարզութեամբ մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ իր զեկոյցը կատարեց, միշտ վեր առնելով այն գաղափարը թէ ինք կը գտնուէր իր պաշտօնին վրայ որոշումովը ամբողջ ժողովուրդին եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ թէ պիտի շարունակէ իր եւ իր կառավարութեան աշխատանքը միշտ հենելով Հայաստանի քաղաքացիներու ջախջախիչ մեծամասնութեան կամքին:

Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 100 օրերու ընթացքին տարբեր բնագաւառներու մէջ կատարուած մեծ աշխատանքին, որ սակայն սկիզբ մըն է միայն եւ որ պիտի աւելի եւս ուժգնութեամբ շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ տարի այն հանգրուանը ուր 2019 Մայիսին տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւնները եւ կազմուի նոր Ազգային Ժողովը իբրեւ արդիւնք ազատ եւ արդար ընտրութիւններու:

Վարչապետը թուեց մէկ առ մէկ ամէնազգայուն հարցերը որոնց կը դիմագրաւէ կառավարութիւնը եւ որոնց նկատմամբ որոշումներ կ’առնուին նկատի ունենալով հայոց ազգային շահերը:

Ան անդրադարձաւ յատկապէս կաշառակերութեան եւ անօրէն ինքնահարստացման դէմ կատարուած գործողութեանց, արդարադատութեան համակարգը առողջ հիմերու վրայ դնելու աշխատանքին, ազգային տնտեսութիւնը առանձնաշնորհումներէ ազատ արձակելու աշխատանքին, եւ առողջ հիմերու վրայ դնելու գործին, արտաքին քաղաքականութիւնը հաստատ հիմերու վրայ պահելու կենսական կարեւորութեան եւ յատկապէս Ռուսիոյ հետ մեր դրական կապերը աւելի եւս սերտացնելու կարեւորութեան եւ վերջապէս Արցախի հիմնահարցին նկատմամբ հայոց ազգային շահերուն նկատմամբ դոյզն իսկ չափով տեղի չտալու հաստատակամ իր կեցուածքին:

Վարչապետին հռետորական ելոյթը բազմաթիւ անգամներ որոտընդոստ ծափերով դիմաւորուեցաւ:

Նիկոլ Փաշինեանի կոչը նաեւ ուղղուած էր սփիւռքահայութեան որուն ան կոչ ուղղեց հանգիստ միտքով եւ սրտով ներդրումներ կատարել Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Վերջապէս ակնյայտ էր թէ ան նաեւ կոչ կուղղէր Հայաստանէն մեկնած հազարաւոր հայերուն՝ ինքնավստահութեամբ եւ ապահով զգալով վերադառնալ Հայաստան:

Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.ի կեդրոնին մէջ հաւաքուած Մոնթրէալահայերու մէկ կորիզը ներկայացնող ներկաները յոտնկայս ջերմ ծափահարութիւններով, հանրահաւաքի վերջաւորութեան դրսեւորեցին լաւատեսութեան ընդհանուր զգացումը որ անվիճելիօրէն կը բխէր աւելի քան երկու ժամ տեւող այս աննախընթաց եւ պատմական իրադարձութենէն:

Բոլորին մաղթանքն էր, որ նոր Հայաստանին մէջ սկսած այս առողջ գործընթացը առանց փորձանքի շարունակէ իր աշխատանքը ի շահ եւ ի փառս յաւերժական Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին: