Ատրպէյճանի Պինկատիի շրջանային դատարանը Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, նախկին պաշտօնատարներ Դաւիթ Մանուկեանի եւ Դաւիթ Բաբայեանի խափանման միջոց կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու մասին որոշում տուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Վերջերս Պաքուն նոր մեղադրանք առաջադրած էր անոնց դէմ` պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման համար: