Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի ցեղասպան եւ բռնապետական վարչակարգը կրկին խախտած է միջազգային իրաւունքը. Ատրպէյճան ոչ միայն առեւանգած է Արցախի ղեկավարութիւնը, այլեւ խոչընդոտած անոնց օրինական պաշտպանութեան կարելիութիւնը: Այս մասին ահազանգած է Արցախի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու նախկին Պաշտպան Արտակ Պեգլարեան։
Ան ընդգծած է, որ Արցախի նախկին ղեկավարները հիմա կը ստիպուին հարցազրոյց տալու։
«Յանցագործութիւն է նաեւ պատանդներու օգտագործումը քարոզչական եւ զանգուածային նուաստացումի նպատակով։
Ի դէպ, ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի առաջին յատուկ խորհրդական Խուան Մենտես 1 Նոյեմբեր 2023-ի իր զեկոյցին մէջ յստակօրէն նշած է, որ Արցախի ղեկավարներու կալանաւորումը ցեղասպանութեան վկայութիւն է, քանի որ ցոյց կու տայ համայնքը ոչնչացնելու մտադրութիւն», ընդգծած է Պեգլարեան։