Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ իրական եւ մշտական խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հիմնական պայմանը Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններու դադրեցումն է: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
«Այդ պահանջները ամրագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերուն մէջ, մասնաւորաբար` Հայաստանի Սահմանադրութեամբ, որ ուղղակիօրէն յղում կը կատարէ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման կոչ կ’ուղղէ», ըսած է ան: