Հայաստան-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները որեւէ կապ չունին անդամութեան թեկնածութեան հնարաւորութիւններու հետ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ «Ազատութեան» հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Եւրոմիութեան (ԵՄ) արտաքին յարաբերութիւններու խօսնակ Պետեր Ստանօն։
«Սա իրականութեան մէջ որեւէ կապ չունի հնարաւոր անդամութեան թեկնածութեան գործընթացի հետ: Բանակցութիւնները ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան օրակարգի շուրջ կ’արտացոլեն երկու կողմերու փոխադարձ ցանկութիւնն ու կամքը՝ աւելին գործելու միասին, սակայն հիմնուած ներկայիս յարաբերություններու վրայ: Իսկ ներկայիս յարաբերությունները սահմանուած են համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով», – նշած է Ստանօն: