ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պէն Քարթին լուսարձակի տակ առաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ գործուած յարձակումի ու բնակչութեան ցեղային զտման իրողութիւնը՝ ընդգծելով, որ փախստականներու առումով պէտք է հաշուետուութիւն ըլլայ: Ան նման դիրքորոշում յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին:
«Մենք կը հասկնանք, որ այս պահուն ձեր ամենամեծ մարտահրաւէրը դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններն են: Մենք կ’աջակցինք այդ համաձայնութեան գոյացման: Մենք կը հասկնանք, որ կան խոչընդոտներ, որ Ռուսիա քաջալերողը չէ Ատրպէյճանի հետ համաձայնութեան գոյացման։ Կ’ըմբռնենք այլ դժուարութիւնները եւս այս առումով», ըսաւ Քարթին:
Ծերակուտականը աւելցուց, որ կը տեսնէ բոլոր այն ապահովական մարտահրաւէրները, որոնք կը ծառանան Հայաստանի դէմ։
«Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումն ու ցեղային զտումը հաստատուած իրողութիւններ են։ Մենք կը հասկնանք, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհրաժեշտ է, բայց պէտք է տեղի ունենայ նաեւ հաշուետուութիւն՝ փախստականներու առումով, պէտք է շեշտուի նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը», ըսաւ ծերակուտականը:
Ան հաստատեց, որ պիտի շարունակեն այս հարցերը լուսարձակի տակ պահել: