Երկաթուղին Հայաստանի համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն, հետեւաբար 26 Մայիսի ջրհեղեղէն ետք Լոռիի մարզով անցնող երկաթուղագիծի վնասուած հատուածներուն մէջ կ’ընթանան վերանորոգման աշխատանքներ: Մասնաւորապէս, Ալավերտի-Այրում տեղամասի տարբեր հատուածներուն մէջ կ’աշխատին Հարաւկովկասեան երկաթուղիի Վանաձորի գիծի աշխատակիցներն ու շինարարները, որոնց օգնելու նպատակով միացած են Երեւանի, Սեւանի եւ Կիւմրիի գիծերու գործընկերները:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հարաւկովկասեան երկաթուղագիծի Երեւանի գիծի ուղղեմասի պետ՝ Հրաչ Քեւնաքսզեան պատմած է, որ այդտեղ, բարեբախտաբար, պահպանուած է հին երկաթուղագիծը, եւ քանի որ ան չէ օգտագործուած, ուստի կ’իրականացուին տեղափոխման աշխատանքներ, որպէսզի անկէ ետք վերանորոգուի նաեւ հիմնական գիծը: