Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ զրոյցի ընթացքին ան նշած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման մասին։
«Անցեալ տարի առեւտրաշրջանառութիւնը հասած է 7,4 միլիառ տոլարի, իսկ այս տարուայ առաջին կիսամեակինի աճած է 2,5 անգամ՝ գերազանցելով 8,3 միլիառ տոլարը»,- յայտնած է ՌԴ նախագահը։
Նախագահ Փութին ընդգծած է, որ եթէ այս կշռոյթը շարունակուի, ապա տարեվերջին ապրանքաշրջանառութիւնը կրնայ հասնիլ մրցանշային 14-16 միլիառ տոլարի։
Աւելի վաղ Փութին հանդիպած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Ինչպէս լրագրողներուն յայտնած է պետութեան ղեկավարի օգնական Եուրի Ուշաքովը, Մոսկուան աշխոյժ դեր կը խաղայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։
Ալիեւն ու Փաշինեանը ժամանած են Մոսկուա՝ մասնակցելու ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին, որուն նախագահած է Փութին։
ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ լրագրողներուն յայտնած է, որ ՀՀ վարչապետին հետ «ուղղակի դէմ առ դէմ քննարկած են ընթացիկ հարցերը»:
ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին հաստատած է Քազանի մէջ կայանալիք ՊՐԻՔՍ գագաթաժողովի հրաւէրը։
Աւելի վաղ Փութին հանդիպած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
«Զանգեզուրի միջանցքի» թեման հաւանաբար շօշափուած է Փութինի` Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ առանձին բանակցութիւններու ժամանակ։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Փութին առանձնազրոյց ունեցած է անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ։ Ընդ որում, նախագահը երեւի իւրաքանչիւրին հետ կէս ժամ անցուցած է, անոր համար ալ, հաւանաբար, կարծիքներու փոխանակում եղած է։ Զանգեզուրի միջանցքի թեման նոյնպէս շօշափուած է»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։