Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար. «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ընդլայնումը անօգուտ քայլ է»

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ընդլայնումը չի նպաստեր հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման եւ միայն պիտի աշխուժացնէ լարուածութիւնը Անդրկովկասի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօր՝ հանգուցեալ Հէյտար Ալիեւի յիշատակի օրուան նուիրուած ընդունելութեան ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը։

Միխայիլ Կալուզինը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ «լիովին անօգուտ քայլ» որակած է՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու առումով։

«Մենք համոզուած ենք, որ ԵՄ առաքելութեան ընդլայնումը որեւէ արդիւնք պիտի չտայ ատրպէյճանա-հայկական կարգաւորման տեսանկիւնէն, որուն հիմնական սկզբունքները մշակուած են 2020-ի Նոյեմբերին Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ եւ ամրագրուած են եռակողմ համատեղ յայտարարութիւններով», ըսած է Կալուզինը։

Կալուզին վստահութիւն յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը ուղղուած է միայն Ռուսիան շրջանէն դուրս մղելուն:

«Մենք կը տեսնենք, որ Անդրկովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը ուղղուած է բացառապէս Ռուսիան այնտեղէն դուրս մղելուն` միեւնոյն ժամանակ օգտագործելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ մեր ձեռքբերումները», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Աւարտին յիշենք, որ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումէն յետոյ ԵՄ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորել յայտարարեց, որ որոշած են աւելցնել Հայաստանի մէջ դիտորդներու թիւը՝ 138-էն հասցնելով 209-ի։

«Սա միջոց է բարձրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին կայունութիւնը», նշած է Պորել: