Ռուսիա բնակող հայ գործարարը 5000 տոլար կը տրամադրէ Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած 4-րդ փոքրիկին
Ռուսիա բնակող հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան այսուհետեւ 5000 տոլար պիտի տրամադրէ Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած չորրորդ փոքրիկին:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան նիստին յայտնած է նախագահ Բակօ Սահակեան, Facebook-ի իր էջին գրած է վարչապետի խօսնակ Արտակ Բեգլարեանը:
Իբրեւ յետգրութիւն ան նաեւ տեղեկացուցած է հինգերորդ փոքրիկի առիթով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ու ԱՀ կառավարութիւնն ալ բնակարան պիտի յատկացնեն ընտանիքներուն…
«էնպէս որ գոնէ երրորդ երեխայից յետոյ արժէ վերաբնակուել Արցախում, սիրելի՛ ոչ արցախաբնակ ընկերներ»,- գրած է Արտակ Բեգլարեանը: