Ռուտենքօ. «Մոսկուան լաւատեսօրէն կը գնահատէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու հեռանկարները»

Մոսկուան լաւատեսօրէն կը գնահատէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրումներու հեռանկարները: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:

«Մեր տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները վատ չեն: Մենք բաւական լաւատեսօրէն կը նայինք այդ հեռանկարներուն եւ կը կարծենք, որ Հայաստան իսկապէս ունի շարք մը ոլորտներ, որոնք գրաւիչ պիտի ըլլան ռուս ներդրողներուն համար, ներառեալ մեծ ներդրողները», ըսած է Ռուտենքօ:

Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման փոխնախարար Տմիթրի Վոլվաչ նախապէս ըսած էր, որ Հայաստանի մէջ ռուսական 2,2 միլիառ տոլարի կուտակած ներդրումները մօտ օրէն պիտի աճին յաւելեալ մէկ միլիառ տոլարով:

Ան նաեւ բացատրած էր, որ այդ միջոցները պիտի ուղղուին ուժանիւթի, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն: