Լրագրող Քրիստինէ Աղալարեան կը հաղորդէ, որ Հոկտեմբեր 4-ին հիմնուած «Հայկական նաւթի եւ գազի ընկերութիւն»-ը Հայաստանի տարածքի 1-ին եւ 3-րդ պայմանական տեղամասերուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի երկրաբանական ուսումնասիրութիւն իրականացնելու դիմում ներկայացուցած է:
«Հայկական նաւթի եւ գազի ընկերութիւն»-ը կը պատկանի «Տաշիր Կապիտալ» ընկերութեան, որ իր կարգին կը պատկանի Սամուէլ Կարապետեանին եւ իր զաւակներուն:
Նշենք, որ Սամուէլ Կարապետեան Հայաստանի մէջ գնած է նաեւ խոշոր ջրելեկտրակայաններ, որոնց շարքին «Ձորագէտ հէկ»ն ու «Դեբեդ հիդրո»ն:
Հայաստանի պայմանական 1-ին եւ 3-րդ տեղամասերը կ՛ընդգրկեն Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերը: