Սերժ Սարգսեան նախագահած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 նոյեմբերին նախագահած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հանգամանօրէն քննարկուած եւ ամփոփուած են 3-6 Սեպտեմբերին համապետական տարողութեամբ տեղի ունեցած «Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ղեկավարման մարմիններու ռազմափորձերուն արդիւնքները: Լուսարձակի տակ առնուած են այդ ծիրին մէջ ռազմափորձին բեմագրութեամբ նախատեսուած հիմնական նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, արձանագրուած ձեռքբերումներն ու նկատուած բացթողումները, բոլոր գերատեսչութիւններուն ներգրաւումով պետական կառավարման համակարգին` իբրեւ մէկ միասնական մարմինի, գործողութիւններու համակարգուածութիւնն ու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան աստիճանը:

Ռազմափորձի ղեկավարման մարմինի պետին եւ տեղակալներուն զեկուցումներէն ետք քննարկուած եւ ամփոփուած են կատարուած աշխատանքները, Հայաստանի նախագահին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ:

Ժողովին սկիզբը այս առիթով արտասանած  իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան յայտնած է. «Այս տարուան 3-6 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած  հրամանատարական ռազմափորձերու կազմակերպման  տրամաբանութիւնը շատ պարզ է, եւ ատիկա կը հանդիսանայ շարունակութիւնը այն աշխատանքին, որ վերջին տարիներուն մեր երկրին մէջ կ՛իրականացնեն մեր պետական կառավարման մարմինները` հակառակորդի հաւանական նախայարձակումները կազմակերպուած կերպով դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Մենք նման ռազմափորձեր քիչ ծաւալի կազմակերպած ենք 2008 եւ 2013 թուականներուն, բայց այս անգամ ռազմափորձերը կազմակերպուեցան  ամբողջ ծաւալով եւ, անշուշտ, աննախադէպ էին: Դուք նաեւ տեղեակ էք, որ գոյութիւն ունի կարգադրութիւն, որուն համաձայն, սահմանուած է տարբեր տիպի ռազմափորձերու կազմակերպման պարբերականութիւն, եւ մենք բոլորս պարտաւոր ենք այդ պարբերականութիւնը պահպանել: Իւրաքանչիւր ռազմափորձ առնուազն երեք նպատակ կը հետապնդէ` ստուգել, կատարելագործել եւ փորձ ձեռք բերել: Իւրաքանչիւր ռազմափորձ, անշուշտ, ունի նաեւ յատուկ նպատակներ, եւ գոնէ նախնական եզրակացութիւններով` «Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ռազմափորձը  անցած է կազմակերպուած ու հասած է իր նպատակներուն»: