Սերկէյ Լաւրով. «Եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն «Զանգեզուրի միջանցք» երբեք չէ քննարկուած»

Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու  շուրջ երբեք քննարկուած չէ «Զանգեզուրի միջանցքը»։

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է ՌԴ արտգործնախարար Սերկէյ Լաւրովը գերատեսչութեան 2023 թ․ գործունէութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

Լաւրով անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու վերջին օրերու յայտարարութիւններուն՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի հաստատման վերաբերեալ։

«Ընդ որում, վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանը կտրականապէս դէմ է «Զանգեզուրի միջանցքին»։ «Զանգեզուրի միջանցքը» երբեք չէ քննարկուած այն պայմանաւորուածութիւններու շրջանակներուն, որոնք ձեռք բերուած են նախագահ Փութինը, նախագահ Ալիեւը եւ վարչապետ Փաշինեանը 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին», -ըսած է  Լաւրով։

ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը յիշեցուցած է, որ ըստ նշուած յայտարարութեան ՝ բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկութեան կապերը ապաարգելափակուելու են, եւ Հայաստանը կ’երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ երկու ուղղութիւններով երթեւեկութեան հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը, իսկ այդ երթեւեկութեան հաղորդակցութեան հսկողութիւնը կ’իրականացուի Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան կողմէ։

Լաւրովի խօսքով՝ երեք երկրներու փոխ վարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի ընթացքին որոշուած է, որ բոլոր կապերու ու երթուղիներու ապաշրջափակման դէպքին այն երկրները, որոնց տարածքով կ’անցնի տուեալ ապաշրջափակուած երթուղին, լիովին կը պահպանուի իրենց տարածքին գտնուող այդ երթուղիներու հանդէպ ինքնիշխանութիւնն ու իրաւասութիւնը:

«Եռակողմ աշխատանքային խումբին դեռ 2023 թ․ Յունիսին փոխ վարչապետներու մակարդակով պայմանաւորուած են այն մասին, որ վերսկսուի նախ երկաթուղային երթեւեկութեան հաղորդակցութիւնը», – ըսած է Լաւրովը։

Ըստ ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարին՝ ատոր մասին համաձայնութիւն կայացած է, այնուհետեւ քննարկուած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, երբ վերջինս ՀԱՊԿ-ի գագաթնաժողովի շրջանակներուն այցելած էր Երեւան։

«Ես շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէս այդ ընդունուեցաւ շատ, շատ դրական, բայց յետոյ ամէն ինչ փոխուեցաւ․․․ թէ ինչը խանգարեց Ատրպէյճանի հիմնական հատուածի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան բացման պայմանաւորուածութիւններու իրագործմանը, ես չեմ գիտեր», – ըսած է Լաւրովը։