Սերկէյ Լաւրով. «Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի վերաբերիր, այլեւս Մոսկուա-Պաքու երկկողմ յարաբերութեան հարց է»

Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցը հայկական կողմին չի վերաբերիր, անիկա Մոսկուայի եւ Պաքուի երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստերուն մասնակցելէ ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովը:

«Մենք իսկապէս հոն` Ղարաբաղի մէջ, խաղաղապահներ ունինք, նոյնիսկ այն բանէն ետք, երբ բոլորը Ղարաբաղը ճանչցան իբրեւ ատրպէյճանական տարածք, սակայն այս հարցը այլեւս չի վերաբերիր հայկական կողմին, ասիկա Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է», ընդգծեց նախարարը:

Լաւրով նաեւ յայտնեց.«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը անձամբ որոշիչ դեր խաղցած է այն հարցին մէջ, թէ ինչպէ՛ս կարելի եղաւ 2020 թուականի Նոյեմբերին դադրեցնել պատերազմը, եւ ինչպէս համաձայնեցուած են հայ-ատրպէյճանական-ռուսական բարձրագոյն մակարդակով քանի մը եռակողմ փաստաթուղթեր, որոնք կը սահմանեն լուծման հիմնական շրջագիծերը, ներառեալ` սահմաններու սահմանազատման, առեւտուրի եւ փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան հարցերը:

«Վերջերս մենք տեսանք, թէ ինչպէս այս համաձայնութիւնները ձեռք բերելէ ետք արեւմտեան գործընկերները որոշեցին, որ տեղ մը սխալ է, որ Ռուսիան կը յաջողի յառաջընթացի հասնիլ այս ուղղութեամբ, եւ անոնք սկսան հրապուրել հայերը եւ ատրպէյճանցիները` ուղղուելու դէպի Պրիւքսէլ, յետոյ Փարիզ, ապա Ուաշինկթըն, ապա Փրակ», աւելցուց ռուսական դիւանագիտութեան պետը: