Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Գանատայի արտաքին Գործոց Նախարար Ն. Վ. Մարք Կարնոն յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ Գանատայի դեսպան եւ Եւրոպական Միութեան մէջ Գանատայի Յատուկ Ներկայացուցիչ մեծայարգ Սթէֆան Տիոնին վստահուած է Հայաստանի մօտ՝ յատուկ առաքելութիւն մը, ուսումնասիրելու եւ որոնելու համար լաւագոյն տարբերակները որոնցմով Գանատան կրնայ օժանդակել Հայաստանի մէջ տեմոքրաթական գործընթացներու ամրապնդման:
Գանատան տրամադրուած է գործակցելու Հայաստանին որպէսզի անոր դէպի ռամկավարական մօտեցումներ կատարած ջանքերը յառաջդիմեն առաւելագոյնը՝ յօգուտ Հայաստանին եւ ամբողջ այդ տարածաշրջանին:
Յատուկ ներկայացուցիչ (Special Envoy) Սթէֆան Տիոնի կատարելիք առաքելութեան մաս կը կազմէ քաջալերել արդէն Հայաստանի մէջ գործող եւ տեմոքրաթական սկզբունքներով ղեկավարուող տարբեր համակարգերը եւ ջանալ օժանդակել տնտեսական զարգացման ջանքերուն: Այս առաքելութեան նպատակակէտն է զօրավիգ կանգնիլ գանատացիներու կողմէ Հայաստանի տեմոքրաթական գործընթացներու նպաստող աջակցութեանց:
Այս մասին Գանատայի կառավարութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը տեսնել մեր այս թիւի անգլիատառ բաժնին մէջ:
*****************
Գանատահայութիւնը յատուկ գոհունակութեամբ, լաւատեսութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ Գանատայի վաստակաշատ քաղաքական դէմքերէն Սթէֆան Տիոնի՝ յօգուտ Հայաստանի՝այս բարձր եւ կարեւոր առաքելութեան նշանակման լուրը:
Ն.Վ. Սթէֆան Տիոն տասնամեակներէ ի վեր ստանձնած է Գանատայի կառավարութեան մէջ բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուութիւններ: Ան մանաւանդ եղած է իսկական եւ ջերմ բարեկամը Գանատահայ գաղութին: Երախտագիտութեամբ կը յիշենք յատկապէս իր յախուռն դիրքը ի նպաստ 2004 թուականին Գանատայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:
Յանուն ամբողջ գանատահայութեան ջերմագինս կը շնորհաւորենք Պրն. Սթէֆան Տիոնը եւ անոր սրտանց կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն Հայաստանանպաստ իր այս կարեւոր առաքելութեան մէջ:
The Canadian Armenian Community welcomes with particular optimism, enthusiasm and satisfaction the appointment of one of Canada’s most eminent political figures, H. E. Stephan Dion as a Canadian Special Envoy to Armenia on a mission of cooperation with Armenia to further the latter’s democratic progress and to support efforts for its economic growth.
- E. Stephan Dion has been for many decades a leading political figure at the highest levels of responsibilities within the Canadian government.
Mr. Dion has also been for many years a true and sincere friend of the Canadian Armenian community. We remember with gratitude and pride his exemplary position in favour of the recognition of the Armenian Genocide by the Canadian parliament in 2004.
On behalf of the Armenian community of Canada we extend our warmest congratulations to Mr. Stephan Dion and wish wholeheartedly complete success in his new important mission to the benefit of Armenia.