Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ հիւրընկալուած էին Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր որդիի՝ Սամուէլի թոռնուհիները` Արփի Օսկանեան եւ Անոյշ Օսկանեան-Օհանեան, որոնք իրենց ընտանեկան մասունքները` Սողոմոն Թեհլիրեանի անտիպ օրագրութիւնն ու ինը լուսանկար, յանձնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին: Այս մասին կը յայտնեն թանգարան-հիմնարկէն։
ՀՑԹՀ տնօրէն Էդիտա Գզոյեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բացառիկ նիւթերու տրամադրման համար՝ յոյս յայտնած է, որ անոնք, մասնաւորապէս օրագրութիւնը, նոր լոյս պիտի սփռեն ինչպէս Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքին, այնպէս ալ հայոց պատմութեան հերոսական էջերէն Նեմեսիս գործողութեան առանձին դրուագներուն վրայ:
Այնուհետեւ, ՀՑԹՀ գլխաւոր ֆոնտապահ Գոհար Խանումեան ներկայացուցած է Հայաստանի տարբեր թանգարաններու եւ արխիւներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պահուող Սողոմոն Թեհլիրեանի լուսանկարները, անձնական փաստաթուղթերը եւ այլն: Արփի Օսկանեանն ու Անոյշ Օսկանեան-Օհանեանը իրենց խօսքին մէջ նշած են, որ երկար քննարկելէ ետք հասկցած են, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի անտիպ օրագրութեան եւ լուսանկարներուն տեղը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանն է:
Ի նշան երախտագիտութեան՝ ՀՑԹՀ տնօրէնը նուիրատուներուն յանձնած է Ապրիլ 24-ի ծաղկաթերթերէն պատրաստուած շնորհակալագրեր: