Ստեփանակերտի թատրոնը միասնական ուժերով պիտի վերանորոգուի. Սերգէյ Շահուերդեան

Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան դրամատիկական թատրոնի շէնքի նորոգման նախագծային փաստաթուղթերուն մշակումը ընթացքի մէջ է:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահուերդեան՝ ընդգծելով, որ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Արցախ, իմ սէր. աջակցենք Ստեփանակերտի թատրոնին» բարեգործական ծրագիրին ծիրէն ներս՝ շարք մը համերգներու եւ ներկայացումներու տոմսերուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը տրամադրուի Ստեփանակերտի թատրոնի վերանորոգման:

Նախարարին խօսքով՝ «Արցախ, իմ սէր. աջակցենք Ստեփանակերտի թատրոնին» նախաձեռնութիւնը միակ եւ հիմնական նիւթական միջոցը պիտի չըլլայ թատրոնի վերականգնման աշխատանքներուն համար: Ասիկա նաեւ հասարակութիւնը գործընթացին մէջ ներգրաւելու եւ յետագային նիւթական այլ աղբիւրներ ընդգրկելու միտում ունի:

«Ստեփանակերտի թատրոնի վերանորոգման նախագծային փաստաթուղթերուն մշակման գործընթացը արդէն սկսած է: Անիկա շուտով պիտի աւարտի եւ պիտի հրապարակուի վերանորոգման թուային պատկերը: Շէնքին վերանորոգման հարցը մեր երկրի, յատկապէս՝ Ստեփանակերտի բնակիչներուն համար շատ կարեւոր է: Երբ Արցախը բռնակցուած էր Ատրպէյճանին, հայկականութիւնը պահպանող սակաւաթիւ օճախներէն մէկը Ստեփանակերտի թատրոնն էր, որ այն ժամանակ կը կրէր Մաքսիմ Գորկիի անունը: Թատրոնին շէնքը կառուցուած էր 1952 թուականին համաժողովրդական ջանքերով»,- ըսած է Շահուերդեան՝ յոյս յայտնելով, որ այս անգամ ալ միասնական ուժերով պիտի փորձեն վերակենդանացնել արցախցիներուն սիրելի մայր թատրոնը: