Վանի պատմական Խոշապի բերդին մէջ 250 տարի առաջ պատրաստուած պանիր գտած են

Վան նահանգի Խոշապի բերդի վերանորոգման աշխատանքներուն ընթացքին 4 սափոր պանիր յայտնաբերած են:

Թրքական Orghaber կայքի փոխանցմամբ` Վանի Հարիւրամեայ համալսարանի արուեստի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավարի գլխաւորութեամբ Արարատեան (Ուրարտու) թագաւորութեան ժամանակ կառուցուած Խոշապի բերդին մէջ իրականացուող վերանորոգման աշխատանքներուն ժամանակ յայտնաբերուած է 4 սափոր պանիր: Այս մասին կը գրէ news.am-ը:

Ուսումնասիրութեան ժամանակ պարզուած է, որ պանիրները ունին 250-ամեայ պատմութիւն: Կը նշուի, որ պանիրները եղած են մինչեւ հիմա յայտնի «Վանի ժաժիկ» տեսակը: