ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ. «ՊԱՏԵՀ ԱՌԻԹԸ ԿԱՅ, ՈՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՂԱՆԻՆ ԴՆԷ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ»

ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար՝ Վարդան Օսկանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու հարցերով պաշտպանութեան յանձնախումբի յայտարարութեան ու նշելով, որ կը փափաքի քանի մը լրացում ընել։
Գրառումը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու հարցերով պաշտպանութեան յանձնախումբը իր երկրորդ յայտարարութիւնը տարածած է, որուն մէջ կը յստականայ յանձնախումբի նախնական կազմը։ Որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդուած են նաեւ աշխատանքի ուղղութիւններուն մասին։
Ես կ‘ուզեմ այս յայտարարութիւնը լրացնել քանի մը մեկնաբանութիւններով։
Առաջին, ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ, սա յանձնախումբի նախնական կազմն է։ Անիկա անպայման պիտի ընդլայնուի՝ աւելի լայն աշխարհագրութիւն ստանալու համար, եւ անոր մէջ անպայմանօրէն մասնակիցներ պիտի ըլլան Ռուսիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն։
Երկրորդ, յանձնախումբին առջեւ դրուած հիմնական հարցը՝ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ առաջին կարգին անոնց՝ միջազգային երաշխիքներով հաւաքական հայրենադարձութիւնն է։
Երրորդ, ես կը կարծեմ՝ այսօր, աւելի, քան երբեւէ, պատեհ առիթը կայ, որ հայկական կողմը Ատրպէյճանի յարատեւ եւ անհաւանական պահանջներուն դիմաց բանակցութիւններու սեղանին դնէ արցախահայութեան՝ միջազգային երաշխիքներով հաւաքական հայրենադարձութեան հարցը։
Այս պահանջին միջազգայինիրաւական բոլոր հիմքերը կան։ Աւելին, երբ հայ ժողովուրդի մէկ հատուածը տեղահանուած է իր բնօրրանէն, միայն այս հարցին իրականացումը պիտի նպաստէ ժողովուրդներու միջեւ իրական խաղաղութեան հաստատումին»։
Նշենք, որ 2 Փետրուարին, Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբը յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ ըսուած էր
«
Ի լրումն 18 Յունուար 2024-ի յայտարարութեան՝ Արցախի հիմնական քաղաքական ուժերուն հետ գործակցութեամբ ձեւաւորուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբը կը յայտնէ, որ յանձնախումբի նախնական կազմին մէջ հետեւեալ անհատներն են
Վարդան Օսկանեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար (1998-2008)
Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան
Կարեն Պեքարեան, «Հայեացք» վերլուծական կեդրոնի խորհուրդի նախագահ, Հայաստան
Մարիօ Նալպատեան, Հայ Դատի կեդրոնական Խորհուրդի անդամ, Արժանթին
Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ, Պելճիքա
Գառնիկ Քըրքոնեան, միջազգային իրաւաբան, ԱՄՆ
Յանձնախումբի կազմը կ‘ընդլայնուի՝ ներառելով անհատներ Ռուսիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն:
Յանձնախումբի գլխաւոր հարցը պիտի ըլլայ Արցախի ժողովուրդին՝ միջազգային երաշխիքներով հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի հետապնդումը եւ պաշտպանութիւնը։
Արցախի ժողովուրդը ցեղասպանութեան սպառնալիքին տակ բռնի տեղահանուած է իր տունէն, հողէն ու հայրենիքէն եւ անոր բնական եւ անքակտելի իրաւունքն է անխոչընդոտ վերադառնալ իր բնօրրանը, շարունակել բնականոն ժողովրդավարական կեանքը՝ իր լեզուի, մշակոյթի, հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, սեփականութեան վերատիրացման, զարգացման եւ կեանքի կազմակերպման՝ միջազգայնօրէն ընդունելի ձեւաչափերով եւ սկզբունքներով։
Հակամարտութեան հետեւանքով բռնի տեղահանուածներուն՝ իրենց հայրենիք կամաւոր վերադառնալու իրաւունքը ճանչցուած է որպէս միջազգային իրաւունքի ձեւաչափ, որ հիմնաւորուած է Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրով (Universal Declaration of Human Rights), Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային համաձայնութեամբ (International Convention on Civil and Political Rights) եւ տարածաշրջանային բազմաթիւ հռչակագիրերով:
Աւելին, 17 Նոյեմբերի 2023-ին Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը (ICJ) վճռած է, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը պէտք է ապահովէ 19 Սեպտեմբեր 2023_էն վերջ Լեռնային Ղարաբաղը լքածներու անվտանգ եւ անարգել վերադարձը։
Յանձնախումբը բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ միջազգային հարթակներու վրայ՝ բարձրաձայնելու, ծանօթացնելու, հիմնաւորելու եւ հետապնդելու Արցախի ժողովուրդի հարցերը, շահերը եւ իրաւունքները։
Յանձնախումբը, վերը նշեալ նպատակներու կեանքի կոչման համար, մշտական ու հետեւողական աշխատանք պիտի իրականացնէ արցախահայութեան, Հայաստանի հանրութեան ու Սփիւռքի հայրենակիցներուն հետ՝ նպատակ ունենալով ի մի բերել բոլոր աղբիւրները՝ քաղաքացիական հասարակութեան, լրատուամիջոցներու, ակադեմական եւ փորձագիտական շրջանակները:
Յանձնախումբը Արցախի ժողովուրդին պիտի ներկայացնէ պետական եւ քաղաքական մարմիններուն առջեւ, ինչպէս նաեւ միջազգային ատեաններու, համաժողովներու եւ միջազգային դատարաններու մէջ։
Կ‘ակնկալենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները եւ քաղաքական բոլոր ուժերը աջակցութեան եւ գործակցութեան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերեն յանձնախումբի գործունէութեան: Յանձնախումբը պատրաստ է աշխատիլ անխտիր իւրաքանչիւրին եւ բոլորին հետ, որոնք պատրաստ են պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ համապատասխան լիազօրութիւն ստացած այս յանձնախումբին հետապնդած նպատակներուն համար»: