Արցախի մշակութային եւ յատկապէս կրօնական ժառանգութեան պատկանելիութիւնը կեղծող, զայն աղուանական համայնքին վերագրող ատրպէյճանցիներու՝ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ կազմակերպած աղմկայարոյց ցուցահանդէսէն քանի մը ամիս ետք, այս անգամ նոյն քաղաքին մէջ, նախաձեռնութեամբ Oeuvre d’Orient-ի, 4 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ բացումը պատմական իրականութիւնը ցոլացնող ցուցահանդէսի մը:
Ստորեւ՝ այս նիւթին նուիրուած L’Œuvre d’Orient-ի Facebook-ի էջին վրայ հրապարակած տեղեկատուութիւնը.
««Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենայ 4-18 Հոկտեմբեր, Վարշաւայի Skwer Ks. Jan Twardowski հրապարակին վրայ։ Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է L’Œuvre d’Orient-ի կողմէ՝ Fundacja Kultury i Dziedzictwa Ormian Polskich-ի (Լեհահայերու մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնարկ) հետ գործակցաբար:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ 4 Հոկտեմբերի կէսօրին, Վարշաւայի արքեպիսկոպոս, Լեհաստանի մէջ արեւելքցիներու տեսուչ, կարդինալ Կազեմիերզ Նիչի եւ Վարշաւայի եպիսկոպոսի տեղակալ Միխալ արք. Եանոչայի ներկայութեամբ, որուն յաջորդեց հանդիպում մը Պատմութեան հետ հանդիպումներու տան մէջ»։