Վիքթոր Վոտոլացքի. «Փաշինեանը, եւ ոչ թէ Հայաստանը, կը բաժնուի Ռուսիայէն»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կ’ընէ այն ամէնը, ինչ որ ժամանակին ըրած է Ուքրանիոյ նախկին նախագահ Փիոթր Փորոշենքոն եւ կը շարունակէ ընել պետութեան ներկայ ղեկավար Վոլոտիմիր Զելենսքին: Այս մասին ռուսական «ՆԻՈՒԶ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Տումայի ԱՊՀ, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Վիքթոր Վոտոլացքի:

Ան այս ձեւով արձագանգած է ռուս սահմանապահները վտարելու Երեւանի որոշումին: Վոլոտացքիի համաձայն, Փաշինեանը կ’երթայ արդէն տրորուած ճամբով, զորս կ’որոշէ Արեւմուտքը:

«Ասիկա կը վկայէ այն մասին, որ Փաշինեանը, եւ ոչ թէ Հայաստանը, կը բաժնուի Ռուսիայէն: Ըստ էութեան, ան երբեք չէ եղած Ռուսիոյ հետ, վարչապետը իշխանութեան եկած է քաղաքացիական հասարակութեան մէջ տարակարծութիւններու ալիքի վրայ: Այսօր Փաշինեանը կ՛ընէ այն ամէնը, ինչ որ ժամանակին ըրած է Փորոշենքոն, իսկ Զելենսքին կը շարունակէ ընել: Ան կ՛երթայ տրորուած ճամբով, որ իրեն համար որոշած են անկլօ-սաքսոնները, որոնք որոշած են Հայաստանը դարձնել հերթական հակառուսական ճակատ», ըսած է Վոտոլացքի:

Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ առայժմ Փաշինեանի յայտարարութիւնները իրաւական հիմք չունին:

«Ռուսիան միշտ հանդէս եկած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման օգտին: Եւ մենք մտադիր ենք շարունակել կատարել մեր պարտաւորութիւնները, որպէսզի Հայաստանը չյայտնուի Ուքրանիոյ վիճակին մէջ», եզրափակած է քաղաքական գործիչը: