Վրաստանի վարչապետ՝ Իրաքլի Կոպախիձէ Հայաստան այցելութեան առիթով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Վրաստան յարաբերութեան ըսաւ.
«Մենք տարիներ շարունակ համագործակցած եւ եղբայրական յարաբերութիւններ ունեցած ենք: Մեր նպատակն է խորացնել համագործակցութիւնը եւ աջակցիլ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ այս հռչակագիրը հիմնուած է մեր ընդհանուր սկզբունքներուն վրայ: Նիկոլ Փաշինեան կ’աջակցի Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան, ես, անշուշտ, առանց վերապահումներու կ’աջակցիմ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան»:
Վրաստանի վարչապետը յայտնեց, որ զրուցած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ միատեղ ջանքերով պէտք է պայքարիլ առկայ մարտահրաւէրներու դէմ: Վրաստան կ’աջակցի կայունութեան, խաղաղութեան եւ միատեղ ապրելու ջանքերուն Հարաւային Կովկասի տարածքին: Յոյսով ենք, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի: