Վերջին տասը տարիներուն, Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ տեղի ունեցած են իրադարձութիւններ` համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամ, քաղաքական լուրջ ցնցումներ, պատերազմական գործողութիւններ, ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ` տարածաշրջանին մէջ, որոնք լուրջ ազդեցութիւն ունեցած են տնտեսական աճին վրայ: Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:
Ան նշած է, որ վերջերս Արցախի մէջ ամփոփուած է վերջին տասը տարիներու տնտեսական զարգացումներն ու արձանագրուած ցուցանիշները. ընդհանուր ցուցանիշները Արցախի մասով բաւական հետաքրքրական են:
«Եթէ 2007 թուականին Արցախի Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) կը կազմէր 70,8 միլիառ դրամ, 2016-ին` 229,6 միլիառ, ապա 2017 թուականին խնդիր դրուած է զայն հասցնել շուրջ 270 միլիառի` տասը տարուան մէջ ապահովելով անուանական ՀՆԱ-ի գրեթէ 4 անգամ աճ:
«Աճի նշուած բոլոր ցուցանիշները արտայայտուած են պետական պիւտճէի եկամուտներու աւելացմամբ` 2007-ի 30 միլիառ դրամի փոխարէն 2017-ին անիկա պիտի հասնի 100 միլիառ դրամի»,-գրած է Տիգրան Աբրահամեան: