Տաւութօղլուն Հայաստանին կոչ յղած է դուրս գալու Լ. Ղարաբաղի ազատագրուած տարածքներէն

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Ատրպէյճան այցի ընթացքին անդրադարձած է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Թուրքիոյ ջանքերուն եւ կոչ յղած Հայաստանին, կը յայտնէ  Tert.am-ը:

Ան նշած է, թէ իրենք միշտ եղած են եւ պիտի «եղբայրական Ատրպէյճանի» կողքին ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար կրկնած է իր աւանդական թեզերը` պահանջելով դուրս գալ ազատագրուած տարածքներէն:

«Հայաստանին կոչ կ՛ընեմ՝ դո՛ւրս եկէք ձեզ չպատկանող հողերէն ու խաղաղութեան գործընթաց սկսելու պարագային կը կարենաք մասնակցիլ Թուրքիոյ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած խաղաղ եւ հեռանկարային միութեան»,- ըսած է ան:

Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի հողերը սուրբ են» եւ անպայման «պիտի ազատագրուին»:

Աւելին` ան յայտարարած է, թէ «մարդասէր» Թուրքիան միշտ հոն է, ուր մարդկային ողբերգութիւն կայ` Հայիթիի երկրաշարժ, Ճաբոն  կամ Ֆիլիփիններու ցունամի:

«Ուր զոհ կայ, ճնշուած կայ, Թուրքիան անպայման այնտեղ է: Մենք այս դիւանագիտութեան մարդկային դիւանագիտութիւն, խղճի դիւանագիտութիւն կը կոչենք»,- ըսած է թուրք պաշտօնեան: