Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, որ անցեալին կը յայտարարէր, թէ հայկական սփիւռքը նաեւ թուրքիոյ սփիւռքն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ուղղած է պայքարելու հայկական սփիւռքին դէմ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը` յղում կատարելով Իսթանպուլի հայկական «Ակօս» թերթին, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու ԱՄՆ-ի մէջ ՄԱԿ-ի ասամպլէային մասնակցելու ընթացքին հանդիպած է նաեւ ԱՄՆ-ի թրքական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Տաւութօղլուն հանդիպման ժամանակ հաւաքուածներուն կոչ ուղղած է պայքարելու հայկական, հրէական, յունական եւ այլ լոպիներու դէմ: Տաւութօղլու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի թուրքերուն` Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար իրականացուցած հանրահաւաքներուն համար: