Տիգրան Մանսուրեան պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութիւն» մետալով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 3-ին հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի երաժիշտահան Տիգրան Մանսուրեանի հետ:

80-ամեայ յոբելեանի առիթով Բակօ Սահակեան անուանի երաժիշտին յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետալ` կարեւոր համարելով անոր աւանդը Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման համար:

Հանդիպումէն  ետք՝ Մանսուրեան «Արցախփրես»-ին յայտնեց, որ Արցախի մէջ պիտի երկու համերգ, մէկը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, երբ պիտի հնչէ ֆիլմերու հիման համար իր գրած երաժշտութիւնը, որ պիտի ուղեկցուի տեսապատկերով: Իսկ  միւսը` պիտի կազմակերպուի աւելի նեղ շրջանակներու մէջ, երբ պիտի ներկայացուին հայ բանաստեղծներու քերթուածներու հիման վրայ գրուած իր ստեղծագործութիւնները: Համերգներու կայացման ժամկէտները տակաւին կը քննարկուին:

Տ. Մանսուրեան նշած է նաեւ, որ համերգներու ընթացքին հնարաւոր է նոր ստեղծագործութիւններ ըլլան:

Խօսելով  Արցախի նախագահ  Սահակեանի  կողմէ  ստացած «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրուելու մասին` ան ըսած է. «Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ իմ 80-ամեայ յոբելեանին առօիթով Բակօ Սահակեան զիս պարգեւատրած է նման  մետալով` նման  կերպով կարեւոր նկատելով իմ աւանդը Արցախի մշակոյթի զարգացման  գործին մէջ»: