Մոսկուայի եւ Երեւանի` Ուքրանիոյ հարցի վերաբերեալ դիրքորոշումները տրամագծօրէն տարբեր են, Ռուսիան պիտի շարունակէ յամառօրէն բացատրել իր իրաւացիութիւնը: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը Ուքրանիոյ հարցին մէջ Ռուսիոյ դաշնակիցը չէ:
«Իսկապէս, մենք տրամագծօրէն հակառակ տեսակէտներ ունինք Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողին եւ Ուքրանիոյ շուրջ տագնապին վերաբերեալ: Ատիկա գաղտնիք չէ: Ասիկա մեր հայ ընկերներու ծանօթ դիրքորոշումն է, մենք համաձայն չենք անոնց հետ եւ յամառօրէն պիտի շարունակենք բացատրել, որ մենք իրաւացի ենք», ընդգծած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:
Գերմանիոյ մէջ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի ընթացքին Փաշինեան անգամ մը եւս յայտարարած էր, որ Երեւանը Ուքրանիոյ հարցին մէջ Մոսկուայի դաշնակիցը չէ: