«Տուինկ Պիզնըս»-ի մէջ Հայաստանը իր տեղը կը բարելաւէ 12 կէտով

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան նստավայրին մէջ՝ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման («Տուինկ պիզնըս») 2017-ի նախաձեռնութիւններու իրականացման ընթացքը:

Զեկուցուած է, որ ընթացիկ տարուան համար նախատեսուած 49 նախաձեռնութիւններէն արդէն իրականացուած է 20-ը: Կը նախատեսուի, որ 2017-ի նախաձեռնութիւններու իրականացման շնորհիւ  Համաշխարհային դրամատան տարեկան զեկուցումին մէջ 150 պետութիւններու շարքին Հայաստանը իր դիրքը պիտի բարելաւէ 12 կէտով:

Հայաստանը նախորդ տարի դիրքը բարելաւած է 5 կէտով եւ գրաւած 38-րդ տեղը: Նշուած է, որ նախաձեռնութիւնները կ՛իրականացուին գործառոյթ սկսելու եւ զարգացնելու համար պահանջուող վարչարարական ընթացակարգերու պարզեցման, փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու խթանման, ներդրողներու պաշտպանուածութեան, շինարարական թոյլտուութիւններու ստացման, ելեկտրոնային համակարգերու շարունակական ներդրման, վարկերու հասանելիութեան, սեփականութեան արձանագրութեան, ենթակառուցուածքներով ապահովման ցուցանիշներու բարելաւման ուղղութեամբ:

Վարչապետ Կարապետեան պատասխանատուներէն պահանջած է նախաձեռնութիւններու իրականացման ուղղութեամբ ըլլալ խիստ հետեւողական եւ յետադարձ կապ պահել գործարարական հանրութեան հետ` վերջինները մտահոգող հարցերը քննարկելու եւ հարցերուն  լուծումներ գտնելու նպատակով:

«Պէտք է արդէն այսօրուընէ սկսիլ Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման 2018-ի նախաձեռնութիւններու ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն` քննարկումներ ծաւալել շահագրգիռ բոլոր կողմերուն  հետ», նշած է վարչապետը: