Հայաատանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գացած է։ Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է՝ Նիւ Եորքի մէջ «թրքական տուն» կոչուող դիւանագիտական հանդիպումներու Թուրքիոյ գրասենեակէն ներս։
Զրուցակիցները մանրամասն անդրադարձ կատարած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ արդէն իսկ կատարուած քայլերուն եւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութիւններուն:
Ընդգծուած է կարգաւորման հոլովոյթը առանց նախապայմաններու շարունակելու եւ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը: Կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ շրջանային հարցերուն:
Փաշինեան Էրտողանը տեղեակ պահած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ներկայ կացութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրի ստորագրման պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին:
Հանդիպումին հայկական կողմէն ներկայ գտնուած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Պաղտասարեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, իսկ թրքական կողմէն` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ու թրքական հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալըն:
Աւարտին յիշենք, որ Թրքական լրատուամիջոցներու ու շարք մը թելեկրամեան ալիքներու փոխանցմամբ, հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը իր հեղինակութեամբ գիրք նուիրած է Հայաստանի վարչապետին: