Հունգարիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Փեթեր Սիարթօ յայտարարած է, որ բացի Հայաստանէն, Խաղաղութեան Եւրոպական Հիմնադրամի աջակցութիւնը պէտք է տրամադրուի նաեւ Ատրպէյճանին: Ան այս մասին ըսած է Պաքուի մէջ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ան անդրադարձած է Խաղաղութեան Եւրոպական Հիմնադրամին կողմէ Հայաստանին 10 միլիոն տոլարի չափով օգնութեան հարցին: «Մենք կը կարծենք, որ նոյն օգնութիւնը պէտք է ցուցաբերուի նաեւ Ատրպէյճանին», ըսած է հունգարացի նախարարը:
Սիարթօ աւելցուցած է, որ հիմնական խնդիրը, որուն վրայ Հունգարիան պիտի աշխատի իբրեւ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահ, պիտի ըլլայ աջակցիլը պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան հարցերուն վերաբերեալ նախաձեռնութիւններուն: