ՓԻԵՌ Տ’ԱՐԳԸՆ. «ԱԼԻԵՒ Լ.  ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄԸ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ Կ’ԱՆՈՒԱՆԷ»

ՄԱԿ-ի դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ` Փիեռ տ’Արգընը յայտարարած է, որ «Հայաստանը Ընդդէմ» Ատրպէյճանի գործով լսումներու ընթացքին ատրպէյճանական կողմը կը ձգտի քննարկումներէն դուրս ձգել Հայաստանի որոշ պնդումներ ու պահանջներ, որոնք կը վերաբերին Ատրպէյճանի կողմէն բնիկ հայերուն նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններուն։

Փիեռ տ’Արգըն «Հայաստանը Ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործով լսումներու ընթացքին նշեց, որ Ատրպէյճանի երկրորդ նախնական առարկութեամբ փորձ կը կատարուի քննարկումէն դուրս ձգել Հայաստանի որոշ պնդումներ Ատրպէյճանի կողմէն բնիկ հայերու կամայական բանտարկութեան, ծրագրեալ անհետացումներուն մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պահանջները՝ հայերուն նկատմամբ կատարուած բօնութեան տարբեր գործողութիւններու մասին։ Անոր խօսքին համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անձինք թիրախաւորուած են միայն անոր համար, որ հայ են։