Փութին յանձնարարած է Հայաստանի հետ ՀՕՊ համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագիր ստորագրել

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յանձնարարած է ստորագրել Հայաստանի հետ Կովկասի մէջ միացեալ տարածաշրջանային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ստեղծելու մասին համաձայնագիրը, կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Ընդունել Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Կովկասեան տարածաշրջանի մէջ հաւաքական անվտանգութեան համար տարածաշրջանային հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ ստեղծելու վերաբերեալ համաձայնագրի ստորագրման մասին ՌԴ կառավարութեան առաջարկը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախապէս Ռուսիոյ կառավարութիւնը հաւանութեան տուած էր Հայաստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան տարածաշրջանային միացեալ համակարգի ստեղծման մասին համաձայնագիրին:

Օրերս հաղորդուած է նաեւ, որ Մոսկուան եւ Թեհրանը ստորագրած են С-300 ՀՕՊ համակարգերու մատակարարման վերաբերեալ համաձայնագիրը: