Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է 20 Յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` հրապարակելով համապատասխան հաղորդագրութիւն մը:
«Քանատան կը շնորհաւորէ Հայաստանը յաջող խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտելու առիթով: Մենք կ’ակնկալենք համագործակցիլ մեր հայ գործընկերներուն հետ` շարունակելու մեր ջանքերը երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը խթանելու, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ», կը նշուի նախարարութեան թուիթըրեան էջին վրայ: