Ատրպէյճանի «Յուշարձաններու պաշտպանութեան հասարակական միաւորում» կազմակերպութիւնը արդէն հրապարակած է Արցախի Հանրապետութեան Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին մզկիթի վերածելու նախագիծը։
168.am-ի տեղեկութիւններով՝ ըստ այդ նախագիծին, պիտի կազմաքանդուի եկեղեցւոյ գմբէթին վեղարն ու զանգակատունը, պիտի կառուցուի երկու մինարէթ։
Հայկական մշակոյթի եւ առհասարակ հայկականութեան դէմ Ատրպէյճանի վարած վայրագ գործողութիւնները նոր չեն, սակայն այս պարագային անոնք չեն թաքցներ իրենց իրական նպատակները եւ ի լուր աշխարհի կը յայտարարեն, թէ ինչպէս պիտի ոչնչացնեն հայկական եկեղեցին։
168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Քաշաթաղի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Բենիամին քահանայ Ծատուրեան՝ անդրադառնով Սուրբ Համբարձման եկեղեցիին եւ Ատրպէյճանի նպատակներուն, նկատեց՝ միշտ ալ Ատրպէյճանը չէ թաքցուցած իր վայրագութիւնները, յատկապէս քրիստոնէութեան հանդէպ իր ունեցած ատելութիւնը։
«Ատրպէյճանը տարբեր ժամանակներ միշտ ալ քանդած է հայկական եկեղեցիները, ըլլան Պաքուի հայկական եկեղեցիները, թէ այլ տարածքներու մէջ եղած, որոնք անցած են իր հսկողութեան տակ, ասոր վառ ապացոյցն է Շուշիի «Կանաչ ժամ»-ը՝ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցին։ Այն եկեղեցիները, որոնք այս պահուն Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներու մէջ են, վստահ եմ, որ պիտի արժանանան նոյն ճակատագրին։ Մէկ-երկու եկեղեցի պահած է, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Աղուաններու եկեղեցիներ են, աշխարհին այդպէս ներկայացնելու համար, սակայն բոլորս ալ գիտենք, ատոնք մեր պատմական եկեղեցիներն են, եւ ատոր վկայութիւններն ալ կան։
Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք կառուցուած եկեղեցի է, Ատրպէյճանը մշտապէս խօսած է այդ մասին, որ ատոր փոխարէն պէտք է մզկիթ ըլլայ»,- նշեց Բենիամին քահանայ Ծատուրեանը։
Քահանային խօսքով՝ պատմութիւնը միշտ ցոյց տուած է, երբ ազգը Աստուծմէ երես թեքած է, ապտակ ստացած է՝ այս կեանքին մէջ որեւէ բան պատահական չէ։ Սակայն միանշանակ ըսել, որ ստեղծուած իրավիճակին պատճառը այն է, որ մարդիկ շատ հեռացած են Աստուծմէ, այդպէս չէ։
«Երբ Օգոստոս 18-ին պատարագ մատուցեցի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ մէջ, իմ քարոզին մէջ ալ նշած եմ եւ միշտ ըսած եմ՝ վստահ եմ, որ այստեղ կրկին պիտի պատարագ մատուցուի, եւ հայերը կրկին պիտի բնակին Քաշաթաղի մէջ։ Չեմ գիտեր, երբ պիտի ըլլայ, բայց ես յոյս ու հաւատք ունիմ եւ միշտ կ՝աղօթեմ, որպէսզի շարունակեմ այնտեղ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցել։
Ես 44-օրեայ պատերազմէն ետք հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցեմ Ասկերանի շրջանի 8 գիւղերու մէջ՝ Բատարայէն մինչեւ Խաչէն, ատոր հետ մէկտեղ՝ նաեւ Բերձորի։ Ես Արցախէն երբեք դուրս չեմ եկած՝ ես եւ իմ ընտանիքը։
Կան բնակիչներ, որոնք կ՝ուզեն Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ մէջ մկրտուին, ամուսնանան»,- եզրափակեց Տէր Բենիամին քահանայ Ծատուրեանը:
Յիշեցնենք, որ Բենիամին քահանայ Ծատուրեանը այն հոգեւորականներէն է, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք մէկ ամիս անցուցած է Դադիվանքի մէջ, մինչեւ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 13 Դադիվանքի մէջ եղած է զինուորականներուն հետ։