Երկրագունդի «արտադրամասը» համարուող Չինաստանի մէջ ահագնացող նոր քորոնավիրուսի տարածումը տնտեսական լուրջ հետեւանքներ կ’ունենայ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ։
Հայաստանի պարագային եւս՝ երկու սեղմօղակ կ’առաջանայ տնտեսութեան համար:
Իրավիճակով պայմանաւորուած, Չինաստանէն ապրանքներու մատակարարումները կրնան դանդաղիլ, այն ինչ դժուարութիւններ կը ստեղծէ հայաստանցի գործարարներուն համար:
Միւս կողմէն՝ Չինաստանի կիրառած ներքին սահմանափակումներու պատճառով կը նուազին պղինձի միջազգային գիները, որոնց նկատմամբ բաւականին զգայուն է պղինձի խտանիւթ արտահանող Հայաստանի տնտեսութիւնը:
Կառավարությունն անհանգստացած չէ
Չինաստանի մոլեգնող քորոնավիրուսի վարակի հետեւանքով, կառավարութեան տնտեսական բաժինը, Հայաստանի համար դեռեւս բացասական լուրջ ազդակներ չի կանխատեսեր:
«Մեր տնտեսութեան վրայ կարող է բացասական ազդեցութիւն ունենալ պղնձի միջազգային գների անկումը», – Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։
Չինաստանը պղինձի համաշխարհային խոշորագոյն սպառողներէն է: Այժմ հոն կիրառուած երթեւեկային ու տեղաշարժի սահմանփակումներուն հետեւանքով արդիւնաբերական արտադրութիւնը կը կրճատուի եւ այս մէկը բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ պղինձի սպառման ծաւալներուն վրայ:
Shanghai Metals Market վերլուծական ընկերութեան տուեալներով՝ Չինաստանի մէջ պղինձի պահանջքը կը նուազի եւ այդ մետաղին պաշարները չինական պահեստներուն մէջ կ’աճի:
Յունուարին աճը կազմած է 8,6 %:
Վերջին երեք-չորս շաբաթներու ընթացքին, պղինձի միջազգային գիները կտրուկ նուազած են: Անկումը կազմած է շուրջ 12%, որ բացասաբար կրնայ ազդել Հայաստանի` արտահանումէն առաջացած եկամուտներուն վրայ:
Լոնտոնի մետաղներու պորսայի տուեալները ցոյց կու տան որ մէկ թոն պղինձի գինը շուրջ 5700 $ է, երբ այս տարուան Յունուարի կէսերուն 6300 $ էր:
Moody’s վարկանշային ընկերութեան, մետաղներու գիներու վերլուծութեան համաձայն, քորոնավիրուսի համաճարակը աւելի մեծ վտանգ կրնայ ըլլալ համաշխարային տնտեսութեան համար, քան 2008-2009 թուականներու ընդհանուր նիւթական-տնտեսական ճգնաժամը:
Հայ-չինական առեւտուրը
Ըստ Վիճակագրական կոմիտէի տուեալներուն, անցեալ տարի Հայաստանի ու Չինաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 945,000,000 $, 2018-ի ցուցանիշը գերազանցելով 22,5 %-ով։
Չինաստանի հետ առեւտուրը 2019-ին կազմած է Հայաստանի ողջ առեւտրաշրջանառութեան 11,6 %-ը:
Մասնաւորապէս անցեալ տարի Հայաստանէն Չինաստան արտահանման ծաւալը կազմած է
194,000,000 $. 2018-ի ցուցանիշը՝ 107,000,000 $ գերազանցուած է աւելի քան 80 %-ով: Ներմուծումը աճած է 13 %-ով՝ հասնելով 751,000,000 $- ի:
Հայաստանը կը ներմուծէ Չինաստանէն շուրջ 900 ապրանքատեսակներ, որոնց 10 %-ը անցեալ տարի կազմած են բջջային հեռախօսները:
Իսկ Չինաստանը Հայաստանէն հանքանիւթ կը գնէ։
2019-ի առաջին կիսամեակի տուեալներով՝ Հայաստանէն Չինաստան 91,000,000 $ արտահանուած ապրանքներու շուրջ 94 %-ը կազմած է պղինձի խտանիւթը: Հայաստանը պղինձի խտանիւթ մեծամասամբ կ’արտահանէ Եւրամիութիւն, ուր կ’ենթարկուի հետագայ վերամշակման:
Հայ գործարարները յայտնած են որ Չինաստանի հետ գործարքներու դանդաղումը սպասելի էր, քանի որ ամանորեայ արձակուրդներ էին, սակայն եթէ առաջիկայ քանի մը շաբաթուան ընթացքին կիրառուած սահմանափակումները չվերանան, ապա Չինաստանի հետ աշխատող հայ գործարարները կրնան խնդիրներ ունենալ:
Ըստ գործարարներուն, քորոնավիրուսով պայմանաւորուած Չինաստանի սահմանափակումները դեռեւս երկու ամիս ուժի մէջ կրնան մնալ, քանի որ չինացի բժիշկները կը սպասեն որ Ապրիլէն յետոյ այն պէտք է նուազի: Ուստի գործարարները պէտք է զինուին համբերութեամբ:
Դժուար է Չինաստանին այլընտրանք գտնել, քանի որ չկայ ուրիշ պետութիւն մը, որ կրնայ այդ քանակի և որակի ապրանքներ արտադրել ու մատակարարել:
Հայաստանը որպէս փոքր տնտեսութիւն պէտք է կարենայ իրավիճակէն դասեր քաղել
եւ փորձել առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքատեսակներու հարցով ինքնաբաւ դառնալ։