Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով, Հայաստանին $600 հազար լրացուցիչ աջակցութիւն կը տրամադրի` պայքարելու COVID-19 համավարակի դէմ:
Այս մասին կը յայտնեն Միջազգային զարգացման ծրագիրի գրասենեակէն:
Տրամադրուած միջոցները, վերջերս յայտարարուած $1,1 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորման հետ միասին, պիտի օգտագործուին` տարրալուծարանային համակարգերու պատրաստման, նոր դէպքերու յայտնաբերման եւ արձանագրուած դէպքերու վերահսկողութեան, մասնագէտներու կարողութիւններու զարգացնելու եւ խթանելու նպատակով: