Քրասնոյարսքի մէջ վթարի ենթարկուած մի-8 ուղղաթիռի երկրորդ օդաչուն եղած է հայ

Քրասնոյարսքի երկրամասի հիւսիսը վթարի ենթարկուած Մի-8 ուղղաթիռի երկրորդ օդաչուն եղած է 53-ամեայ Լեւոն Տանանեանը:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ, ուղղաթիռի անձնակազմին մէջ եղած են «Թուրուխան» օդանաւի ընկերութեան ամենափորձառու աշխատակիցները: Հրամանատար 54-ամեայ Ալեքսանդր Մոնախովը իր ասպարէզի ընթացքին իրականացուցած էր 9 հազար 19 ժամ թռիչք, իսկ երկրորդ օդաչու 53-ամեայ Լեւոն Տանանեանը` 9 հազար 383:

Մի-8 ուղղաթիռի վթարի հետեւանքով զոհուած է 15 հոգի, որոնց մէջ` ուղղաթիռի անձնակազմը: 10-ը վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ են:

Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ` վթարի պատճառի նախնական վարկածը ուղղաթիռի տեխնիկական անսարքութիւնն է: