Ֆապիուս. «Հայաստանի քաղաքացիները Ֆրանսա մուտքի վիզա կրնան ստանալ 2 օրուան ընթացքին»

Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Ֆրանսայի մուտքի վիզա տրամադրելու ընթացակարգին ժամկէտը պիտի կրճատուի եւ զբօսաշրջային մուտքի արտօնագիրը պիտի տրամադրուի երկու օրուան ընթացքին:

Աղբիւրին համաձայն՝ նման յայտարարութիւն ըրած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսը: Ըստ անոր` զբօսաշրջային վիզայի ընթացակարգը պիտի տեւէ 48 ժամ Հայաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Ինտոնեզիոյ եւ Վիեթնամի քաղաքացիներուն համար: Միաժամանակ, Չինաստանի քաղաքացիներու զբօսաշրջային վիզայի ընթացակարգին համար պիտի սահմանուի մէկ օր:

Ֆրանսայի ԱԳ նախարարին խօսքով` իրենց նպատակն է նման ընթացակարգերու պարզեցումով զարգացնել զբօսաշրջութիւնը: Ֆրանսայի իշխանութիւններուն նպատակն է մինչեւ 2020 թուականը երկիր այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան հասցնել 100 միլիոնի: