ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 336 կողմ եւ մէկ դէմ ձայնով ընդունած է Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող բանաձեւ: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

Չորեքշաբթի՝ 17 Յունուար 2024-ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը քննարկեց 1 Դեկտեմբեր 2023-ին առաջարկուած միջկուսակցական բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Արցախի վրայ նախորդ տարուան 19-էն 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Ատրպէյճանի սանձազերծած զինուորական յարձակումը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումը եւ այդ ուղղութեամբ հետագայ փորձերը։

Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ պատիժներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կը պահանջէ երաշխաւորել հայ բնակչութեան Արցախ վերադառնալու իրաւունքը՝ ապահով պայմաններու մէջ։ Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ նաեւ Պաքուին, որ իր զօրքերը անյապաղ դուրս բերէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Քննարկումէն ետք, բանաձեւը վաւերացուեցաւ 336 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով։

Բանաձեւին մէջ նաեւ կը յիշուի, որ Հայաստան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ունենալու միջոցներ՝ երաշխաւորելու իր ապահովութիւնը, ներառեալ՝ ռազմական միջոցներով։ Հոն նաեւ կը դատապարտուի Արցախի ղեկավարներու կամայական ձերբակալութիւնները եւ կարեւոր կը նկատուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ մասնագէտներու միջազգային խումբի մը կազմութիւնը եւ գործուղումը Արցախ՝ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան վիճակին վերաբերեալ զեկոյց պատրաստելու համար։

Աւարտին յիշենք, որ նիստին, պատուոյ հիւրի կարգավիճակով, ներկայ էին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։