Չորեքշաբթի՝ 4 Սեպտեմբեր 2024-ին, Փարիզի քաղաքապետարանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր միջոցառման ընթացքին Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նգաչային յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով անոր շնորհուած «Բարեկամութեան շքանշանը»՝ հայ-ֆրանսական բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար։ Այս մասին NEWS.am-ին կը տեղեկացնեն Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիդալգոն եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը։
Շնորհաւորելով Առնօ Նգաչային Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր պետական պարգեւով պարգեւատրուելու կապակցութեամբ՝ Անն Հիդալգոն շեշտած է Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ առանձնայատուկ կապերը՝ վերահաստատելով, որ Փարիզ քաղաքը մշտապէս եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի կողքին։
Իր ելոյթին դեսպան Տոլմաճեան ընդգծած է, որ «Բարեկամութեան շքանշանի» շնորհումը փոխքաղաքապետ Նգաչային կ’արտայայտէ ողջ Փարիզ քաղաքին՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ ունեցած անկեղծ բարեկամութեան համար վերջիններուս երախտագիտութիւնը։ Ան շնորհակալութեան խօսք յղած է քաղաքապետ Հիդալգոյին, Առնօ Նգաչային եւ ընդհանրապէս Փարիզի քաղաքային խորհրդի անդամներուն Հայաստանին անվերապահ աջակցութեան եւ լիակատար համերաշխութեան, Փարիզի սրտում «Հայաստանի էսպլանադի», Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի կապակցութեամբ անոր անունը կրող այգու բացման եւ յատկապէս 2020թ․-էն ի վեր ի աջակցութիւն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ընդունուած բանաձեւերու եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններու համար։
Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նգաչան նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է ստանալ ՀՀ նախագահի հրամանագրով իրեն շնորհուած այս բարձր պարգեւը։ Ան շեշտած է, որ որպէս Փարիզի քաղաքապետի՝ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով տեղակալ, քաղաքապետ Հիդալգոյի առաջնորդութեամբ պիտի շարունակէ նոյն եռանդով, համոզմունքով եւ յանձնառութեամբ նպաստել Փարիզի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ամրապնդմանը։
Աւարտին յիշենք, որ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին հնչած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետական օրհներգները։
Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի ԱԳՆ-եան գլխաւոր քարտուղարը, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ ու դիւանագէտներ, Փարիզի քաղաքապետի տեղակալները, փարիզամերձ այլ քաղաքներու քաղաքապետեր, հասարակական եւ մշակութային անուանի գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։