Ֆրանսահայ բեմադրիչ Առնօ Խայաճանեանի «Մենք ենք, մեր սարերը» վաւերագրական շարժանկարը կը ներկայացնէ Կովկասի լեռներուն մէջ քիչ յայտնի երկիր Արցախը՝ հանրապետութիւն մը, որ կը շարունակէ պայքարիլ իր անկախութեան համար: Բեմադրիչը՝ դիմանկարներու պատկերասրահի միջոցով՝ կը բացայայտէ անոնց, որոնք ազատութեան փնտռտուքի մէջ կը ձեւաւորեն այս ժողովուրդին առօրեայ կեանքը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ժապաւէնը ընդգրկուած է «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» բաժինին մէվ: Ֆիլմիի մասին, Յուլիս 10-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պատմած է բեմադրիչը:
«Քառօրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս անց մեկնեցայ Արցախ եւ զարմացած էի այն մթնոլորտով, որ կար այնտեղ: Ուժեղ, ամուր եւ առաքինի են արցախցիները:
Քանի որ Ֆրանսայի մէջ Արցախը յայտնի է քաղաքական հակամարտութիւններու կիզակէտին գտնուելով` փորձեցի այս շարժանկարով ցոյց տալ Արցախի միւս կողմը` մարդոց առօրեան, նիստուկացը, կնոջ դերը»,- նշած է Խայաճանեանը:
Անոր խօսքով` Ֆիլմը բազմիցս ցուցադրուած է ֆրանսական քաղաքներու մէջ, բայց կան քաղաքներ, որոնք կը հրաժարին զայն ցուցադրելէ, քանի որ պատճառը քաղաքական է:
Առնօ Խայաճանեան 2012-ին նկարահանած է «Կորուսեալ հորիզոններ» կարճատեւ ֆիլմը, որ ցուցադրուած է 22 ՄԿՓ-երու մէջ, լաւագոյն դերակատարման համար մրցանակ շահած Մըլուզի մէջ, իսկ լաւագոյն ֆիլմի համար՝ Ֆենասյէի ՄԿՓ-ին: 2014-ին Խայաճանեան կարճատեւ ֆիլմի վերածած է Լորա Տէփրենի ֆրանսական փիեսը: «Վատ աղջիկը» ներկայացուած է 23 ՄԿՓ-երու՝ նուաճելով Vimeo-ի եւ Ժիւրիի մրցանակները Sundance հեռուստաալիքի մրցոյթին: 2015-ին Խայաճանեան ասպարէզ հանած է իր հայ նախապապերու պատմութենէն ոգեշնչուած «Քարքարոտ ճամփաներ» վաւերագրական աշխատանքը, որ արժանացած է ֆրանսացի քննադատներու գնահատանքին եւ մասնակցած 24 ՄԿՓ-ի, շահած Իսմայիլիայի (Եգիպտոս) ԿՓ-ի ժիւրիի մրցանակը, իսկ ԿՓ-ի լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ ճանչցուած: 2017-ին ARTE ալիքով ցուցադրուած է Խայաճանեանի «Խուլ սրտեր» նոր ֆիլմը: